2015-05-09 11:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը` Ռափունապետերու,կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներու միջազգային առաջին համագումարի առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ''Nostra Aetate'' վաւերաթուղթի 50-րդ ամեակին ինչպէս նաեւ Հրեաներու ողջակիզման 70 ամեակին առթիւ՝ առաջին անգամուայ համար Իսրայէլի մէջ գումարուեցաւ միջազգային բնոյթ ունեցող ժողով մը՝  Ռափունապետերու, 7 կարդինալներու եւ 20 եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ,  նախաձեռնութեամբ՝  Նէօ-Քաթուքումէնալ եկեղեցական շարժումին։

Անցեալ՝ Հինգշաբթի, 7 մայիսն աւարտած ժողովին` կարդինալական դասէն մասնկցած են Կարդինալ Փէլլ՝ Սուրբ Աթոռի տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչ, Կարդինալ Ռիլքօ՝ Քահանայապետական աշխարհականներու խորհուրդի նախագահ , Կարդինալ Թէլէսֆօր՝ Հինդկաստանի Ռանքի թեմի արքեպիսկոպոս, կարդինալ՝ Քրիսթոֆ Շոնպորն՝ Վիէննայի թեմի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Ժոզէֆ Քորտէ՝ Քահանայապետական Քոր Ունում բարեսիրական խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Անտրէու Եօմ Սու Ժունկ՝  Սէուլ թեմի արքեպիսկոպոս եւ կարդինալ Փաուլօ Ռոմէօյի Փալէրմօ թեմի արքեպիսկոպոս։ 

Համագումարին մասնակցած են նաեւ մշակոյթի աշխարհէն երկու կրօններու պատկան հեղինակաւոր դէմքեր։

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը ուղղած էր ժողովականներուն, որուն մէջ ընդգծած է նմանատիպ  համագումարներու կազմակերպութեան կարեւորութիւնը ՝ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրական կապերու ամրապնդման ի սպաս։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը իր յղած պատգամով հոգեւոր մօտիկութիւնը ցուցաբերելով ժողովականներուն  գրած է ՝՝ Կ՝աղօթեմ Աստուծոյ որպէսզի՝ Ան լսէ ձեր աղաչանքը եւ ամոքէ ցաւերն բոլոր անոնց որոնք կը տառապին,։ Կ՝աղօթեմ նաեւ Աստուծոյ որպէսզի՝ սիրտերը բաց գտնուին՝   աշխարհի  արդարներու աղերսանքին  դիմաց։ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը աւարտած է , բոլորին  վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները որպէս  նշան՝ խաղաղութեան եւ զօրակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.